2015-10-15 09:07:00

''Հալածուած ու մոռցուած''` Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութեան տեղեկագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քրիստոնեաները աշխարհի մէջ իրենց հաւատքին պատճառաւ ամենաշատ հարստահարուած կրօնական հասարակութիւնն են'' այս ի յայտ կու գայ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութեան հրատարակած տեղեկագիրին մէջ որ կը հանդիսանայ որպէս լրացում` կրօնական ազատութեան սահմանափակումի մասին հրատարակուած միջազգային տեղեկագրին։

22 երկիրներու մէջ քրիստոնեաները առ աւելիով հալածուած ու հարստահարուած են ու անոնց կրօնական ազատութիւնը չէ ճանչցուած։

Տառապող  Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը դիտել կու տայ թէ ծայրայեղ կրօնական հալածանքները աճում արձանագրած են 2013 - 2015 տարեշրջաններուն, ու այդ երկիրներուն շարքին են Իրաքը, Սուրիան, Նիճերիան եւ Սուտանը` երկիրներ որոնք կառավարուած են  ծայրայեղ մահմետականներէն եւ ուր քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը հետզհետէ կը վատթարանայ։

 Իրաքի մէջ միայն աւելի քան 120 հազար քրիստոնեաներ պարտադրուեցան փախչիլ  դէպի քիւրտական շրջան, մինչ 2000-էն ասդին երկիրն մէջ քրիստոնեաներու թիւը մէկ միլիոնէն հասաւ 300 հազարի եւ այս թիւը կը շարունակէ նուազիլ։ Նիճերիոյ մէջ եւս կացութիւնը մտահոգիչ է։ Պաքօ Հարամ ծայրայեղ կազմակերպութիւնը տմարդի  հալածանք կը կատարէ քրիստոնեարուն դէմ։ Իսլամներէն զատ կան նաեւ հնդկաստանի ինտուները որոնք անողորմ  հալածանք կը կատարեն քրիստոնեաներու դէմ։ Սրի լանքայի մէջ եւս ծայրայեղ պուտտայականները կը հալածեն քրիստոնեաները ու կը քանդեն անոնց եկեղեցիները։  








All the contents on this site are copyrighted ©.